Description
Նկարագրութիւն
Հայ մեծանուն երգիծաբան Երուանդ Օտեանի «Թաղականին կնիկը» վէպը կը ներկայացնէ 20-րդ դարու պոլսահայ կեանքի կենցաղը, ուր հեղինակը նկարագրած է իշխող եւ մեծահարուստ խաւի կիներու քմահաճոյքները, մարդկային այլատեսակ նկարագիրները, ընտանեկան եւ բարոյական հարցերն ու սովորութիւնները: Տուեալ ստեղծագործութիւնը, հակառակ անոր որ գրոած է 1915 թուականին՝ երկու հանգրուաններով, սակայն իր թեմայով եւ մատնանշումներով երբեմն կը պատշաճի նաեւ մերօրեայ ընկերութեան ապրելակերպին: