Description
Նկարագրութիւն
Այս հատորով պիտի չանդրադառնանք Ատանայի կոտորածի պատմութեան, այլ նամակներու ճամբով ցոյց պիտի տանք այդ ողբերգութեան առնչութիւնը Կիպրոսի հայ համայնքին հետ: Նամակներ, որոնք քաղւած են Կիպրոսի Թեմի արխիւներէն: Այդ նամակները մենք բաժնած ենք երկու խումբի, անոնց տալով խորհրդանշական անուններ.
Ատանայի Վկաները՝ Այս խումբին մէջ առնուած են 90 նամակներ, որոնք կը խօսին Կիպրոս ապաստանած աւելի քան 2000 գաղթականներու վիճակին մասին՝ 1909 Ապրիլեն մինչեւ 1909 Դեկտեմբեր:
Ատանայի Վկայարանը՝ Ս. Ստեփանոս՝ Այս բաժնին մէջ համախմբուած են աւելի քան 40 նամակներ եւ գրութիւններ, որոնք կը պատմեն Ս. Ստեփանոս մատուռի կառուցման մանրամասնութիւնները 1908-1913: