Siran Seza

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱ (բուն անունով Սիրան Զարիֆեան) ծնած է Պոլիս, ուր յաճախած է հայկական ու ֆրանսական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան Ռոպերթ Քոլէճը, զոր աւարտելէն ետք կը մեկնի Պէյրութ։ Համալսարանական կրթութիւնը կը ստանայ Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանէն՝ հետեւելով Լրագրութեան եւ Գրականութեան ճիւղին, տիրանալով Արուեստից Մագիստրոսի աստիճանին (M.A.): Կը նախընտրէ վերադառնալ եւ հաստատուիլ Պէյրութ։ Սիրան Սեզա շուտով կը դառնայ Պէյրութի մտաւորական խաւի կեդրոնական դէմքերէն մէկը եւ առաջին կին արհեստավարժ լրագրողը յետպատերազմեան շրջանին։ Ան ամբողջութեամբ կը նուիրուի իգական սեռի իրաւունքներու պաշտպանութեան, առողջապահութեան բարելաւման, հասարակական դիրքի բարձրացման, ինչպէս նաեւ՝ կրթական ու մտաւորական կեանքէն ներս հայ կանանց գործօն մասնակցութեան անհրաժեշտութեան։ Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ան վիթխարի յերդրում կ’ունենայ «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերաթերթի հրատարակութեամբ նախ՝ 1932-34, ապա՝ 1946-1968: «Երիտասարդ Հայուհի»ն կը հանդիսանայ կանանց նուիրուած թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ լիբանանահայ առաջին պարբերաթերթը:

Siamanto

Siamanto (Atom Yarjanian, 1878–1915) was a renowned Western Armenian poet, public figure, and one of the most influential figures in Armenian literature. Born in Agn, he received his higher education at the Sorbonne University in Paris, where he came into close contact with European culture. His works, including the collections Heroically, Sons of Armenia, and Bloody News from My Friend, are characterized by a patriotic spirit, the depiction of national tragedy, and calls for an unyielding struggle for survival. With his unique, prophetic, and imagery-rich style, he became the primary singer of Armenian suffering and rebirth. Siamanto fell victim to the 1915 Armenian Genocide, martyred along with the rest of the Armenian intelligentsia.

Սիամանթօ (Ատոմ Եարճանեան, 1878–1915) արեւմտահայ հռչակաւոր բանաստեղծ, հասարակական գործիչ եւ հայ գրականութեան ամենաազդեցիկ դէմքերէն մէկն է։ Ծնած է Ակն, իսկ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ, ուր մօտէն շփուած է եւրոպական մշակոյթին հետ։ Իր ստեղծագործութիւնները, ինչպէս՝ «Դիւցազնօրէն», «Հայորդիներ» եւ «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» ժողովածուները, կը բնորոշուին հայրենասիրական շունչով, ազգային ողբերգութեան պատկերմամբ եւ անդուլ գոյապայքարի կոչերով։ Ան իր ինքնատիպ, մարգարէական ու պատկերաւոր ոճով դարձաւ հայկական տառապանքի եւ վերածնունդի գլխաւոր երգիչը։ Սիամանթօ զոհ գնաց 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան՝ նահատակուելով հայ մտաւորականութեան հետ միասին։