Description
Նկարագրութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը տեսած իւրաքանչիւր վերապրող որոշ հանգրուանի կարծած է, որ ինք միակ շնպաւորն է հայ ազգին: Այս գիրքը կու գայ լուսարձակ սփռելու իրենք զիրենք ամբողջ ժողովուրդի մը վերջին մոհիկանը եղողի կարծիքը ունեցողներուն տառապանքին, անոնց ապրած կեանքին եւ անոնց հարազատներուն վերամիացումին վրայ: Հոս կայ տանջանքը, ցաւը, մինակութիւնը, դառնութիւնը… յարութիւնը, միացումը հարազատներու եւ հայու արիւն կրող, սակայն հայու կենսաղով ու միջավայրի մէջ չապրող զանգուածի մը անորոշ ապագան… Կան նահատակութիւններ եւ կեանքեր…