Description
Նկարագրութիւն
Զարեհ Որբունիի վիպային երկերու քննական հրատարակութեան երրորդ հատորը կ ընդդրկէ Հալածուածները շարքի վերջին չորս միաւոր-ները Եւ եղել մարդ (1964), Զի fn է կարողութիւն (1977), Մոնիք կամ Ասֆալթը երկու (1978) եւ Ջրհեղեղէն աոաջ. ասոնք բոլորը գրուած են մօտաւորապէս 1956-1980-ի շրջանին: Երկրորդ բաժնի մէջ զետեղուած են 1930-1970-ական թուականներուն տարբեր հանդէսներուն մէջ լոյս տեսած Ազատութիւն բա-նատարկեալ (1937), Մարդուն մորթը (1940), Հալածուածները (հատուած մը համանուն վէպէն) եւ Ֆրանսուազը (1972) գործերը, որոնք բացի երրորդէն, հատուածներ են թերաւարտ կամ կորսուած վէպերէ: Բաժիններէն դուրս եւս երկու գործեր մտած են հատորին մէջ Մահազդդ (1980) որ գրողին հա-ւանաբար վերջին աւարտած գործն է, ուր վէպի եւ ինքնակենսագրութեան սահմանները խախտած են. Կենսագրական շաղակրատութիւն մը Ղուրգէն Մահարիի հետ նամակ մըն է, որ Որբունի գրած է 1960-ական թուականնե-րուն Մահարիին խնդրանքով, եւ որ բնագրային վերականգնումէ մը ետք կը պարզէ իր փաստագրական բնոյթը:
Այս հատորին մէջ ջանք եղած է ի մի բերելու Որբունիի վիպագրութեան մեզի ծանօթ բոլոր աւարտած ու կիսատ կտորները: Ի հարկէ վիպասանը զանազան առիթներով արտայայտուած է վիպային ծրագրին շուրջ, գրած նամակներ, զրոյցներ, յօդուածներ, նոյնիսկ առանձին գրառումներ — մեծ մասը տեղաւորած է Օրագիրքն մէջ—: Հոս զանց առնուած են այդ դրութիւն-ները, գրքին ծաւալը պահպանելու համար հրատարակելիի սահմաններուն մէջ: Ասոնք բոլորը կրնան ուրիշ հատորի մը նիւթը դառնալ:






