Gir yev Guyn

Letters and Colors: Penmanship and Coloring Book

Գիր եւ գոյն

Գեղագրութեան և գունաւորումի տետրակ

$13.95

Paperback
2002 Aleppo
Languages: Western Armenian

Description



Նկարագրութիւն

Գեղագրութեան եւ գունաւորումի համար նախատեսուած ԳԻՐ ԵՒ ԳՈՅՆ տետրակներու այս շարքը կը հրատարակուի օգտակար հանդիսանալու նպատակով բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն գեղեցիկ ձեռագիր մը ունենալ։Այս առաջին տետրակի պատրաստութեան համար, նկատի առնուած է ամենապարզ տառատեսակը, միշտ հաւատարիմ մնալով դասական գրելաձեւին։Տետրակի իւրաքանչիւր զոյգ էջերուն մէջ ներկայացուած են երկու յաջորդական տառեր՝ իրենց անուանումներով, ինչպես նաեւ իւրաքանչիւր տառի պարզ եւ գլխագիր գրութեան հանգրուանները՝ կարմիր եւ թուագրուած սլաքներով։Տողերը ներկայացուած են հիմնական տողին զուգահեռ 3 գիծերով, կազմելով գրավարժութեան յատուկ 4 զուգահեռտողերու դրութիւնը, որոնցմէ առաջինը՝ բարձրագոյն գիծը կը հաստատէ տառին բարձրագոյն կէտը, երկրորդը՝ հիմնական տողին վրայ, երրորդը՝ հիմնական տողը, իսկ չորրորդը՝ տառին վարի սահմանը ճշդելու համար։ Ուղղահայեաց կարմիր գիծերը կը ճշդեն տառին սկզբնաւորութիւնը։Շեղակի գիծերը կը ճշդեն տառերու լայնքն ու շեղակի դիրքը, որ կը գեղեցկացնէ ձեռագիրը։Իւրաքանչիւր էջի պատկերեն առնուած բառերը, որոնք կը պարունակեն միեւնոյն էջի տառերը կուգան ճոխացնելու ենթակային բառամթերքը։Իսկ հանդիպակաց էջի օրինակին գունաւորումի աշխատանքը այլ հաճելի եւ օգտակար զբաղում մըն է գեղագրողին համար։



Additional information

Pages 40 Pages
Weight 1 lbs
Dimensions 8 × 10.75 in