Surbere yev Menk

The Saints and Us: Saints of the Armenian Church and the Question of the Martyred Saints of April

Սուրբերը եւ մենք

Հայ եկեղեցւոյ Սուրբերը եւ ապրիլեան նահատակաց սրբադասման հարցը

$14.95

Paperback
1993 New York
Languages: Western Armenian

Description



Նկարագրութիւն

Հայաստանեայց եկեղեցին, իբրեւ ամբաժան մասը ընդհանրական եւ առաքելական եկեղեցւոյ, իր պաշտամունքին մէջ յատուկ տեղ տուած է սուրբերուն: Սուրբերը անոնք են, որոնք իրենց կեանքի օրինակով, աղօթանուէր վարքով եւ յաճախ արեան վկայութեամբ արժանացած են հաւատացեալներու եւ առհասարակ ամբողջ եկեղեցւոյ յարգանքին: Եւ դարերու հոլովոյթին մէջէն, մեզի հասած են անունները անոնց՝ որոնք եկեղեցւոյ աղօթքին եւ աստուածաբանութեան մէջ ունին յատուկ տեղ – սրբոց բարեխօսութիւնը: Սրբոց բարեխօսութեան վարդապետութիւնն ալ, իր կարգին, ունի աստուածաբանական խորք եւ հրաւէր կուտայ հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնց բարեխօսութեամբ դիմենք մեր Փրկչին, եւ Աստուծոյ սիրելի այդ անձերուն միջնորդական աղօթքով մօտենանք Անոր, որ ճանապարհն է եւ ճշմարտութիւն, կեանք եւ լոյս միանգամայն:



Additional information

Pages 230 Pages
Weight 1.5 lbs
Dimensions 6 × 9 in