Description
Նկարագրութիւն
Գիրքը պատրաստուած է նախակրթարանի աշակերտներուն համար, ամբողջութեամբ գունաւոր։ Նպատակն է օժանդակել մայրենին յառաջացնելու, բառամթերքը զօրացնելու եւ թուաբանական-երկրաչափական աշխարհէն ներս հաճելի նախաքայլով միտքը զարգացնելու: Կը բովանդակէ մանուկը շրջապատող իրեր, իր երազային աշխարհին մաս կազմող կենդանիներ, որոնք մանուկը կ’առաջնորդեն «գիւտեր»ու: «Մկնիկ»ը պատրաստեց Փայլինէ Թովմասեան եւ նկարազարդեց Էմինէ Պորա: