Anhun Yerkink Achkerou Mej

An Infinite Sky Inside Eyes: Poems

Անհուն երկինք՝ աչքերու մէջ

Բանաստեղծութիւն

$9.95

In stock

Paperback
2021 Istanbul
ISBN: 978-605-21009-81
Languages: Western Armenian

Description



Նկարագրութիւն

Զաւէն Պիպեռեան, որ հայալեզու գրականութեան անդաստանին վրայ տիրական անունմըն է իր վէպերով ու պատմուածքներով, առաջին անգամ ընթերցողին կը ներկայանայ չափածոյ գործերով։ Առանձին հատորով մը իրենց առաջին հրատարակութեան արժանացող այս քերթուածները ո՛չ միայն երիտասարդ հեղինակի մը գրական որոնումներուն մասին կը վկայեն, այլ նաեւ առիթ կու տան ծանօթանալու այն տողերուն, որոնց ան ապաստանած է ամէն անգամ որ անարդարութեան ենթարկուի ազգային ինքնութեան բերմամբ։ Պիպեռեան ինքնակենսագրութեան մէջ կը խոստովանի, որ պատանեկան շրջանին գտնուած է Լամարթինի վիպապաշտութեան ազդեցութեան ներքոյ, որու արգասիքը հանդիսացող քերթուածներուն մէջ կարելի է նշմարել իր վէպերուն յատուկ մութ կողմեր։ Իսկ իր սիրոյ քերթուածները, զորս Պիպեռեան սկսած է գրել ապագայ կնոջ հետ ծանօթացած շրջանին, ընթերցողներուն առիթ կու տան յայտնաբերելու հեղինակի անձնական կեանքի ծալքերը։ Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ Պիպեռեանի ֆրանսերէն քերթուածներուն ու անոնց թարգմանութիւններուն։ Գրողի անձնական թողօնէն լոյսին հանուած այս ստեղծագործութիւնները թերեւս իմաստալից նուէր մը ըլլան գրողի ծննդեան 100-ամեակի այս շրջանին։



Additional information

Pages 95 Pages
Weight 0.5 lbs
Dimensions 5.25 × 7.75 in