Description
Source is aimed at 5-6-year-old children who are learning Western Armenian. It contains 22 thematic units, each consisting of six pages, three of which are for the study of the Armenian language, two pages - for Mathematics, one - for revision. This is a book and workbook at the same time. The book will contribute to the enrichment of children's vocabulary, to the development of their logic and thinking. It will give language, mathematical and comprehensive cognitive knowledge, and will train children's hands for writing. Source will contribute to children's general development and will prepare them for school.Նկարագրութիւն
Սիրելի’ ծնողներ եւ դաստիարակներ, «Աղբիւր» գիրք-տետրակը նախատեսուած է 5 տարեկան երախաներու համար: Ան կ’ընդգրկէ վեցական էջերէ բաղկացած նիւթերու 22 խումբեր, որոնցմէ երեք էջ յատկացուած է մայրենի լեզուին, երկու էջ՝ մաթեմատիկային, մէկ էջ’ ընդհանուր ամփոփումին: Մայրենի լեզուին նուիրուած էջերը («Աշուն», «Գարուն», «Մանկական աշխարհ», «Ընտանիք» եւ այլն) հնարաւորութխն կ’ստեդծեն երախան նախապատրաստելու նաեւ մաթեմատիկական հասկացութիւններ ընկալելուն («Մեծ-փոքր», «Հաստ-բարակ», «Երկայն-կարճ», «Ձախ-աջ» եւ այլն)’ ըլլայ բնագրերու թէ նկարներու միջոցով: Միեւնոյն ժամանակ մաթեմատիկային յատկացուած էջերն ալ իրենց կարգին կը նպաստեն երախայի տրամաբանական մտածողութիւնը զարգացնելուն եւ բառապաշարը հարստացնելուն:
Բնագրերը նախատեսուած են մեծերու կողմէ ընթերցուելու համար, իսկ ոտանաւորնե-րը կարելի է նաեւ գոց սորվեցնել:
Հայոց լեզուի կախարդական աշխարհին երախաները ծանօթացնելու գործին օգնու-թեան կու գան «Ադբիւր»ի հեքիաթային հերոսները’ Աստղիկը եւ Արեգը, անոնք երախանե-րուն կ’օգնեն բացայայտելու հայոց լեզուի, մաթեմատիկական եւ առհասարակ մտածողու-թեան ու տրամաբանութեան գաղտնիքները:
«Աղբիւր»ը կազմուած է գիրք-տետրակ սկզբունքով, այստեղ տրուած են ներկելու, գծելու, նկարելու, կտրել-փակցնելու եւ բազմաբնոյթ այլ առաջադրանքներ, որոնք երեխան պէտք է կատարէ տետրակի էջերու վարի կողմը:
«Աղբխր»ը կը նպաստէ երախայի բառապաշարը հարստացնելուն, մտածողութիւնը ու տրամաբանութիւնը զարգացնելուն, լեզուական, մաթեմատիկական եւ ճանաչողական բազմակողմանի գիտելիքներ կը հաղորդէ երախային, ձեռքը կը վարժեցնէ գրելուն: Ան կը նպաստէ երախայի ընդհանուր զարգացումին եւ զինք կը նախապատրաստէ դպրոց յաճա-խելու:
Գիրք-տետրակը երախային կը սորվեցնէ սիրել հայրենիքը, մեր մեսրոպատառ մայրե-նին, ընտանիքը, յարգել ծնողքը եւ ընդհանրապէս մեծերը, ըլլալ ընկերասէր, ազնիւ եւ բարի, հոգատար ըլլալ նաեւ բոյսերու եւ կենդանիներու նկատմամբ, հետեւաբար ունի դաստիարակչական մեծ նշանակութխն’ երեխաներու հոգիներուն մէջ սերմանելով հայրենասիրական եւ մարդկային վեհ ու ազնիւ զգացումներ եւ գաղափարներ:




