Berjanoush Basmadjian

Պերճանոյշ Պասմաճեան

Պերճանոյշ Պասմաճեան իր նախակրթութիւնն ու միջնակարգ ուսումը ստացած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին մէջ։ Շրջանաւարտ՝ Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանէն, համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Համալսարանական Գոլէճին (BUC) մէջ, ուր ընկերային գիտութիւններու ճիւղին մէջ կը տիրանայ Պսակաւոր Արուեստից (BA) աստիճանին։ Ապա կը մեկնի Լոնտոն, ուր մասնագիտանալով գրադարանագիտութեան մէջ, կը վկայուի Մագիստրոս Արուեստից (MA) աստիճանով։1979-էն ի վեր Պերճանոյշ Պասմաճեան կը պաշտօնավարէ Լիբանանի Կրթական Նախարարութեան Հետազօտական Կեդրոնին մէջ։ Մանկագիր եւ մատենագէտ՝ Պերճանոյշ Պասմաճեան հեղինակն է մանկապատանեկան շարք մը գրքոյկներու։ Ան հեղինակն է նաեւ հայ մանկապատանեկան գրականութեան մատենագիտական հատորի մը, որ ցարդ կը մնայ անտիպ։

Roles: Author

Products

:

1-2 / 2