Description
Նկարագրութիւն
Հայ տպարաններու եւ տպագրիչներու չորս դարեայ պատմութիւնը ներկայացնող այս հատորը հպարտութիւն կ’առթէ իւրաքանչիւր հայու, երր ան իրազեկ կը ղառնայ իր ժողովուրդին յաւերժացման գրաւականը հանդիսացող եւ մաշտոցեան Մեծ Գիւտին արգասիքը նկատուող հայ տիպ ու տառի պատմութեան: Պատմութիւն մը, որուն նմանը հազուադէպ է այլ ազգերու մօտ, նկատի առած մասնաւորաբար աշխարհացրիւ հայ տպագրիչները, որոնք լոյս սփռեցին՝ սեւ մետաղը աղնուացնելով ու սպիտակ թուղթին լեզու տալով:




