Description
Նկարագրութիւն
Փարիզի «Յաոաջ» օրաթերթին (1925-2009) 1976 Դեկտեմբերին սկիզբ աոած ամսական «Միտք և արուեստ» յաւելուածին թիւերէն ծաղկաքաղի երկրորղ հատորն է այս մէկը: Աոաջինը, կազմուած’ 1976-1987 տարիներու ընտրանիով մը, լոյս տեսաւ 2018-ին: Զոյգ հատորներուն գրութիւնները կը պատկանին գրական մարզին, ստեղծագործական էջեր, վերլուծութիւններ, գրախօսութիւններ, քննադատականներ, թարգմանութիւններ, ևայլն: Այս հատորին մէջ աոնուած էջերը հրատարակուած են 1988-2009 տարիներու թիւերուն մէջ. կը խմբեն Սւիիւոքէն ու Հայաստանէն շուրջ երեսուն ստորագրութիւն: Բոլորն ալ անտիպ գրութիւններ եղած են, որոնց աոաջին վերահրատարակութեան վայրը այս զոյգ հատորները կ’ըլլան: