Description
Նկարագրութիւն
Ընդհանուր խորագրին ներքեւ Յ. Օշականի հետ Բ. Թաշեանի զրոյցը ծաւալուն գործ է, բայց այսօրուան ընթերցողներուն մեծ մասը ծանօթ է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ երեւցած անոր առաջին երկու հատուածներուն միայն: Ներկայ հատորը կ’ընդգրկէ տարբեր թերթերու մէջ լոյս տեսած նշանաւոր այդ զրոյցին բոլոր հատուածները: Յարմար նկատուեցաւ այս հատորին կցել երկրորդ բաժին մը, ուր կ’երեւին Օշականի հետ եւ Օշականի մասին գրի առած Բ. Թաշեանի լրացուցիչ էջերը: