Description
Նկարագրութիւն
Գանգուր Լորին հետաքրքրամոլ, համովիկ եւ ինքնուրոյն աղջնակ մըն է: Անոր գանգուր մազերը իրեն կ’առաջնորդեն խորհրդաւոր արկածախնդրութիւններու: Օր մը իր մազերուն մէջ Լորին կը գտնէ ոսկեգոյն բանալի մը. ուրկէ եկած էր ան, ինչ կը բանար: Լորին շուտով կը հասկնայ, թէ բանալիները միշտ չէ, որ դուռեր կը բանան…:
Հետեւեցէք Լորիի պատմութիւններուն: Անոր անկուշտ հետաքրքրութիւնը պիտի շարունակէ գիտելիքներու նոր դուռեր բանալ:





