Description
Նկարագրութիւն
Լուսինէն պրպտող աղջիկ մըն է, որ կը զբաղի երկնքի խորհուրդով: Ան կ’ուզէ գիտնալ, թէ ինչու լուսինը չենք կրնար տեսնել երկնքին մէջ օրուան մեջ: Ան գոհացուցիչ պատասխան մը չի գտներ իր ծնողներէն եւ յուսախաբ կը սպասէ, մինչեւ որ մասնագէտ մը գտնէ:
Արդեօ՞ք Լուսինէ երկար պիտի սպասէ այսպէս շուարած, թէ պիտի կարենայ արեւուն եւ լուսնին գաղտնիքը լուծել: