Description
Նկարագրութիւն
Բովանդակութիւն՝ Պատմուածքներ եւ պատկերներ, Քրոնիկներ, Գեղի նամակներ, Թատրերգութիւն, Նամականի:
Թլկատինցի կը մնայ գաւառի արուեստագէտը՝ հայ գեղջուկին սրտէն անոր լեզուով խօսելու իւրայատկութեամբ: Լեզուով մը, որ գիւղի բառ ու բանին ասութիւններով, արտայայտութիւններով համեմուած հողաբոյր գրականութեան մը ծնունդ տուած է՝ մնայուն զարդարանքը կազմելով «Հայաստանեայց գրականութեան» էջերուն: