Naznazike

Նազնազիկը

$17.95

Paperback
2024 Istanbul
ISBN: 978-1-625746-050-7
Languages: Western Armenian

Description



Նկարագրութիւն

Նազնազիկը, իր սակաւաթիւ էջերուն մէջ կը պարփակէ անսահման սէ՛րը, անսահման սէրով հիւսուած գեղեցիկ կապը մեծ մայրիկին եւ մէկ հատիկ թոռնիկին։
Փետուր էջերը յուշիկ յուշիկ թերթելով, մատղաշ ընթերցողը պիտի դառնայ ոսկի թոռնիկը այս գրքոյկին, պիտի մտնէ մեծ մայրիկին անյատակ կարի տուփին մէջ, շօշափելու արժէքներ, չնչին գանձեր՝ այսօր անտեսուած կամ ջնջուած։

Նախնիներէն հասած երգին ուժով, նախնիներէն հասած ի՛ր երգով, մատղաշ ընթերցողը՝ մարգարիտէ կոճակներով, տօնական կարմիր շապիկը հագած, կանանչ գօտիկը ամուր կապած, պիտի օղակուի հազարամեակներո՜ւ հնչող ու շնչող այն ձայնալարին…



Additional information

Pages 93 Pages
Weight 1 lbs
Dimensions 6 × 9.5 in