Description
Նկարագրութիւն
Այս հատորը ընդարձակ ոաումնասիրութիւնն է ֆրանսահայ գրականութեան կէս գարու երկայնքին’ 1922էն 1972: Այստեղ կը քննուին ոչ միայն այդ շրջանի գլխաւոր հեղինակներու երկերը, այլեւ գրական մամուլը եւ այնտեղ արծարծուած հարցերը, ինչ կը վերաբերի օտարութեան հետ յարաբերութեան: Աշխատութիւնը մասամբ թարգմանութիւնն է հեղինակի ֆրանսերէն լեզուով գրած գործին. Cinquante ans de litterature armenienne en France, du Meme a I’autre, 1922-1972, CNRS editions, Paris 2001: Արփի Թոթոյեանի թարգմանութիւնը հեղինակը վերանայած է, վերամշակած, յաւելած որոշ մասեր, պահելով հանդերձ գործին կառուցւածքը: